Ամերիկայի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Ջաւախքի Աջակցութեան Ուղղուած Հեռուստամարաթոն

Ամերիկայի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Ջաւախքի Աջակցութեան Ուղղուած Հեռուստամարաթոն

Ջաւախքին աջակցելու նպատակով ԱՄՆ-ի «Սփիւռքի միասնութեան հարթակ» հասարակական նախաձեռնութիւնը յունիս 2-ին «Ջաւախքի բարեկամներ» խորագիրով հեռուստամարաթոն-դրամահաւաք նախաձեռնած է. հանգանակուած գումարով կը նախատեսուի Ախալցխայի մէջ մարզամշակութային կեդրոն մը կառուցել:

Հեռուստամարաթոնը «Սփիւռքի միասնութեան հարթակ»-ի առաջին նախաձեռնութիւնն է: ««Հայդուկ»-ը, «Գէոպոլիտիկ»-ը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ հայ գրողներու միութիւնն արդէն  քանի մը տարի է` ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Սամցխէ-Ջաւախքի akhaltskha.net կայք-էջին, ինչպէս նաեւ պարբերաբար այցելութիւններ կը կատարուին Ջաւախք: 2017 թուականին բաւականին մեծ ձեռնարկ իրականացուցինք, որուն ներկայ էր նաեւ Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանը, Հայաստանի, Վրաստանի պետական այրեր, ինչպէս նաեւ համշէնահայերու մեծ խումբ մը: Անցեալ տարի  Ախալցխա այցելած եմ: Ծանօթանալով առկայ խնդիրներուն, որոնք բաւականին լուրջ են, որոշեցինք նախաձեռնել նմանատիպ ձեռնարկ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Սփիւռքի միասնութեան հարթակ»-ի համահիմնադիր, «Գէոպոլիտիկ» ակումբի «Անալիտիկ» ծառայութեան ղեկավար, «Հայդուկ» միութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Կարէն Գալստեան, որ դրամահաւաքի կազմակերպիչներէն է:

Ախալցխայի մէջ մարզամշակութային  համալիրի կառուցումը ո՛չ միայն համախմբման օճախ պիտի ըլլայ, այլեւ երիտասարդները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց ազատ ժամանակն աւելի արդիւնաւէտ անցնելու: Ամառուան ամիսներուն կեդրոնին մէջ համշէնահայ երեխաներուն համար ամառնային ճամբար պիտի կազմակերպուի, որպէսզի հայկականութիւնն աւելի ամրանայ անոնց մէջ, յատկապէս, ինչպէս նշեց Կարէն Գալստեան, վերջին տարիներուն հայկականութեան զարթօնք կայ անոնց մօտ:

Հեռուստամարաթոնը պիտի հեռարձակուի ԱՄՆ-ի «Geopolitical.TV»-ով, որուն պիտի միանան նաեւ տարբեր հեռուստաընկերութիւններ: «Ամերիկայի մէջ ցանցային հեռուստաընկերութեամբ հեռուստամարաթոն կազմակերպելու փորձ չկայ, մեր նախաձեռնութիւնն առաջինն է, որ պիտի ըլլայ շարունակական ծրագիր: Մեր հեռահար նպատակներէն է նաեւ աջակցութիւն ցուցաբերել Ջաւախքի այլ շրջաններու: Նպատակ ունինք նաեւ այս նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ մարդոց ծանօթացնել ո՛չ միայն Ջաւախքի առօրեային, այլեւ խնդիրներուն: Ձեռնարկը նաեւ հայ-վրացական բարեկամութեանն ուղղուած է»,- նշեց Կարէն Գալստեան եւ աւելցուց, որ ձեռնարկին մասին տեղեակ  պահած է ԱՄՆ-ի մէջ Վրաստանի դեսպան Դաւիդ Բաքրաձէին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ Վրաստանի հիւպատոս Ֆրանք Կրէինկէին, Վրաստանի մէջ ԱՄՆ-ի Դեսպան Ռոս Ուիլսոնին:

Նախաձեռնութեան միացած են «Հայկական վերածնունդ»-ի, «Սասնա ծռեր»-ու լոսանճելըսեան կառոյցները, «Ի պաշտպանութիւն Հայաստանի» կազմակերպութիւնը, Իրաքահայերու բարեգործական միութիւնը, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ եւ այլն: «Մեզի հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն  յայտնած են նաեւ բազմաթիւ անհատներ, որոնք ցանկութիւն ունին իրենց լուման ներդնելու այս կարեւոր գործին մէջ: Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս կը փորձենք կապեր հաստատել նաեւ սփիւռքեան այլ համայնքներու հետ»,- նշեց Կարէն Գալստեան:

Հեռուստամարաթօնի մեկնարկը յունիս  2-ին, ժամը` 19:00-ին, կը տրուի Երեւանէն` «Նոյեան տապան»-ի արուեստանոցէն, իսկ արդէն ժամը 23:00-ին` հեռուստամարաթօնին կը միանան Ամերիկայէն: «Քանի մը հեռուստաընկերութիւններ ինչպէս Ամերիկայի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, ցանկութիւն յայտնած են վերահեռարձակելու: Քանի մը ժամով հեռուստամարաթոնը կը հեռարձակեն նաեւ տեղական հեռուստաընկերութիւնները: Տեխնիկական բոլոր հարցերն այս պահուն կարգաւորման փուլին մէջ են,- նշեց Կարէն Գալստեան եւ աւելցուց,- մեր բոլոր ուժերը կեդրոնացուցած ենք այս ծրագիրին մէջ, որպէսզի իրատեսական գործ ընենք եւ յաջողինք: Սա փորձաքար է, որ ցոյց կու տայ, թէ տարբեր կազմակերպութիւններ, որոնք տարբեր խնդիրներ կը լուծեն, ինչպէս պիտի կարենան միասին աշխատիլ: Յոյս ունինք, որ պիտի յաջողինք»:

Աւելցնենք, որ նորաստեղծ «Սփիւռքի միասնութեան հարթակ»-ին նպատակը 3 հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններով աշխատիլն է. Սփիւռքի մէջ մեր հայրենակիցներուն զանազան աջակցութիւններու տրամադրում եւ անոնց շահերու պաշտպանութիւն, Հայաստանին` տնտեսական, գիտական աջակցութեան կազմակերպում եւ դուրսը Հայաստանի շահերու պաշտպանութիուն:

Լուսինէ Աբրահամեան

Hayernaysor.am