Այսօր՝ 10 ապրիլին Ախալցխա կը վերադառնայ քաղաքապետ Վլատիմիր Զետկինիձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ 6 ապրիլէն կը գտնուէր Ատրպէյճանի մայրաքաղաք, մասնակցելու Պաքուի մէջ իրականացուած 16-րդ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին:
Երկու շաբաթ առաջ Ախալցխա այցելած էր Թուրքիոյ դեսպան Զէքի Լեւենթ Կիումրուքճուն: Դեսպանի այցը Ախալցխայի մէջ սկսած էր Սամցէ-Ջաւախքի համալսարանէն եւ այդ առթիւ տեղեկացանք, որ այսօրուայ դրութեամբ համալսարանի մէջ թրքերէն լեզուն որպէս երկրորդ մասնագիտութիւն ընտրած են տասնեակ ուսանողներ, որ կրթական հաստատութիւնը թուրք գրողներու ստեղծագործութիւններ կը հրատարակէ գրեթէ ամէն ամիս, որ այնտեղ կ’ուսանին Ատրպէյճանէն եկած քանի մը տասնեակ ուսանողներ, որոնց հետ առանձին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ դեսպանը, որ այնտեղ կը գործէ թրքական բաժին, եւ որ այնտեղ ձեռք բերուած է Ախալցխայի մէջ օրէ օր աւելցող ատրպէյճանցիներու համար ամառնային դպրոց կառուցելու շուրջ պայմանաւորուածութիւն:
Ախալցխայի մէջ թուրք-ատրպէյճանական այս աշխոյժ գործունէութեան պատճառը երկու կարեւորագոյն շարժառիթ ունի. նախ Ախալքալաքի մէջ թուրք-ատրպէյճանական տնտեսական եւ ժողովրդագրական ներխուժման փորձի ձախողումը, եւ երկրորդ, այն, որ ներկայիս պաշտօնական Պաքուն կը փորձէ Արցախի եւ Ջաւախքի խնդիրները ներկայացնել մէկ պրիսմակով:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանովը վերջերս գիրք հրատարակած է, որ արդէն 8 լեզուներով թարգմանուած է եւ ուր, որպէս պատմաբան կը յայտարարէ, թէ 1828-1830 թուականներուն ռուսերը Ղարաբաղի եւ Ախալցխայի մէջ վերաբնակեցուցած են հայերը, եւ որ այդ գործընթացը տեղի ունեցած է հայերու կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով:
Եւ ի՞նչ: Կը մնայ նայիլ քարտէսին, հասկնալու համար, որ Կարս-Պաքու երկաթագիծէն, որ ըստ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Չաւուշօղլուի, այս ամառ արդէն պիտի գործէ, եւ Պաթում-Աճարական տարածաշրջանի թուրք-ատրպէյճանական տնտեսութեան ենթարկեցումէն ետք, հերթը հիմա հասած է Ախալցխայի տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական թրքացման:
Հիմա կ’ըսեն թէ Ախալցխայի հայ հասարակութիւնը խիստ վրդոված է Ախալցխայի քաղաքապետ Վլատիմիր Զէտկինիձէի՝ 6 ապրիլին Պաքուի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ լուսանկարուելու եւ լուսանկարները քաղաքապետարանի Facebook-ի պաշտօնական էջին տեղադրելու փաստէն:
Իմ կարծիքով, այդ նկարը նշանակութիւն չունի: Ով որու հետ ուզէ՝ կրնայ նկարուիլ: Խնդիրը մեր անգործութիւնն ու անհետեւողականութիւնն է:
Մի քանի ամիս առաջ վաճառքի հանուեցաւ Հաւլաբարի մէջ Գամսախուրդիայի կողմէ պայթեցուած Շամխորեցիներու Սբ. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ հողամասը: Հայկական եկեղեցին լուռ մնաց, ինչպէս նաեւ՝ հայ գործարար աշխարհն ու հասարակական դաշտը: Թիֆլիսի քաղաքապետարանը հողը առաջարկած էր նաեւ հայ համայնքին, սակայն մեր տեղեկութիւններով հողամասը վերցուցին պարսիկ գործարարներ՝ այնտեղ հիւրանոց կառուցելու նպատակով:
Մեր տեսակէտը մէկն է. այս ամէնուն համար ո՛չ վրացիները, ո՛չ ատրպէյճանցիները, ո՛չ թուրքերը, ո՛չ ալ պարսիկ գործատէրերն են մեղաւորը: Մեղաւորը մենք ենք: Տարածքային ռազմավարութիւնը յստակ տեսութիւն է, որ կը հաստատէ, թէ տարածքը դատարկութիւն չընդունիր, եթէ դուն երթաս, ուրիշը քու տեղդ կը զբաղեցնէ:
Վրաստանը մեր շատերու հայրենիքն է, մեր ազգային մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, մեր նորաստեղծ պետութեան ամենակարեւոր դաշնակիցը, սակայն մենք անոր կը վերաբերինք յուզականութեան, ձեւականութեան, անհետեւողականութեան, ծուլութեան եւ բամբասանքի դիրքերէ: Այնտեղ ներկայիս կ’որոշուի ոչ միայն երեք հարիւր հազարէ աւելի կազմող մեր հայրենակիցներու ճակատագիրը, այլեւ՝ ամբողջ քրիստոնեայ Վիրքը թրքացման վտանգէն փրկելու խնդիրը:
Սահակաշվիլի եւ Գամսախուրսիայի նման վրացիներ շատ կը գտնուին, սակայն աւելի կարեւոր հանգամանք է Վրաստանի անվտանգութեան ներկայ խնդիրը, որուն անմիջականօրէն կապուած են Հայաստանի անվտանգութեան բոլոր հեռանկարները:
Խնդիրներ ունինք, զբաղուինք մեր խնդիրներով: Անկէ ետք ով որու հետ ուզէ՝ թող նկարուի: Ալիեւի միլիառները Ֆրանսուա Հոլլանտի նմանին ծունկի բերին, ի՞նչ կը սպասենք ոմն Զետկինիձէէն:
Խնդիրը այսօր աւելի լուրջ է: Թուրք-ատրպէյճանական տնտեսա-քաղաքական ներթափանցումներու դիմաց, Վրաստանի մէջ հայկական տնտեսա-քաղաքական այլընտրանք պիտի կարենա՞նք ձեւաւորել, թէ՞ այս անգամ դարձեալ պիտի բաւարարուինք խեղճ ու կրակ յայտարարութիւններով:
Աղբյուր՝ arevelk.am